Յայտնի են Հայկ Յարութիւնեանի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան օրն ու վայրը

ՀՀ նախկին ոստիկանապետ, զօրավար–գնդապետ Հայկ Յարութիւնեանի հոգեհանգիստը պիտի կայանայ այսօր՝ 25 սեպտեմբերին, ժամը 18:00-ին, Խաղաղ Դոնի 2/14 հասցէի վրայ։ Յուղարկաւորութիւնը պիտի կայանայ վաղը՝ 26 սեպտեմբերին, ժամը 14:00-ին, նոյն վայրէն։
Յիշեցնենք, որ երէկ իր առաձնատան մէջ յայտնաբերուած է ՀՀ նախկին ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանի դին։ Անոր գլխու շրջանին նկատուած է հրազէնային վիրաւորում։
Դէպքը տեղի ունեցած է 22 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 23:50-ին, Յարութիւնեանի Բջնիի ամառանոցէն ներս։