Յայտնի են ԱԱԾ պետի եւ Ոստիկանապետի անունները

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի պաշտօնները կը զբաղցնեն ներկայիս ժամանակաւոր պաշտօնակատարները: Փաշինեան այս մասին ըսաւ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին:
«Արդէն որոշեր եմ: Ոստիկանապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը (ԺՊ) կը նշանակուի ոստիկանապետ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարողն ալ կը նշանակուի ԱԱԾ տնօրէն»,-ըսաւ Փաշինեան:
ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնակատարը Էտուարտ Մարտիրոսեանն է՝ Արթուր Վանեցեանի՝ պաշտօնը թողելէն ետք, իսկ ոստիկանութեան պետի պարտականութիւնները կը կատարէ Արման Սարգսեանը՝ Վալերի Օսիպեանի ազատումէն ետք: