Մովսէս Յակոբեանը նշանակուած է ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ

2019-11-20
Image

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի հրամանով զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանը նշանակուած է ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ։ Այս մասին յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Նախարարի միւս հրամաններով զօրավար-մայոր Կամօ Քոչունցը նշանակուած է ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետի տեղակալ, իսկ գնդապետ Վաչական Ներսէսեանը՝ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան գլխաւոր տեսուչ։

Յիշեցնենք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ զբաղեցուցած պաշտօններէն ազատուած էին Գլխաւոր ռազմական տեսուչ Մովսէս Յակոբեանը եւ անոր տեղակալները՝ Կամօ Քոչունցն ու Վաչական Ներսէսեանը:

Մովսէս Յակոբեանը գլխաւոր ռազմական տեսուչ նշանակուած էր յեղափոխութենէն ետք՝ անցած տարուան Մայիս 24-ին, Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ: Մինչ այդ ան կը զբաղցնէր Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնը: Իսկ աւելի վաղ երկար տարիներ ղեկավարած է Արցախի պաշտպանութեան բանակը: