Մնացականեան եւ Մամէտեարով պիտի հանդիպին

Նիւ Եորքի մէջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, Սեպտեմբեր 23-ին պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Սեպտեմբեր 22-ին, ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան պիտի մեկնի Նիւ Եորք՝ մասնակցելու ՄԱԿ Գլխաւոր Ասամպլէայի 74-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։