Մնացականեանն ու Լաւրովը քննարկած են ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը 26 օգոստոսին հեռախօսազրոյց ունեցած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Զոհրապ Մնացականեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը քննարկած են յուլիսեան մարտերէն ետք տարածաշրջանային զարգացումները եւ այս ծիրէն ներս ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Նախարար Մնացականեանն ընդգծած է տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանմանն ուղղուած հայ-ռուսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները նաեւ միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող հարցերուն շուրջ։