Մխիթար Հայրապետեան ընտրուեցաւ Ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ սփորթի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը 30 կողմ, 4 ձեռնպահ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընտրուած է Երեւանի ճատրակի ֆետերացիայի նախագահ` փոխարինելով Տարօն Մարգարեանին: Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վաղարշակ Յակոբեանի ֆէյսպուքեան էջէն։
Այդ կապակցութեամբ Հայրապետեան գրառում կատարած է ֆէյսպուքեան էջին, նշելով, որ «Օրէնսդիր գործունեութեանս զուգահեռ՝ այսուհետ լրջօրէն պիտի զբաղուիմ միտքի այս հզօր խաղի զարգացման ու տարածման հնարաւորութիւններու իրացմամբ:.. Շախմատը նաեւ մտածելու, քայլ ընելու ու խոհեմ ապրելու կերպն է, ուր կողք կողքի կանգնած զինուորն ու թագաւորը իրարմէ պակաս կարեւոր չեն: Անչափելի վստահութիւն ունիմ, որ ճատրակը մարդու էութեան ձեւաւորման մէջ մեծ դեր ունի, եւ եթէ հաւատարիմ մնաս անոր սկզբունքներուն՝ արդարամտութեան, համեստութեան եւ ճշգրտութեան հանդէպ, երբեք քու խաղաքայլերը չեն շրջուիր քու իսկ դէմ:
Եւ ուրեմն, ճատրակի հանդէպ այսպիսի սիրով ու գիտակցումով կը ստանձնեմ ինծի համար շատ կարեւոր այս պատասխանատւութիւնը: Ի գործ»։