Միլանոյէն Երեւան եկած մէկ ուղեւոր հիւանդանոց տեղափոխուած է. Իսկ նոր վարակակիրներ չկան

Միլանոյէն Երեւան եկած մէկ ուղեւոր հիւանդանոց տեղափոխուած է. Իսկ նոր վարակակիրներ չկան
Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի վարակի ախտորոշմամբ միակ հիւանդի վիճակը լաւ է, ան ջերմութիւն չունի։ «Կոլտըն փալաս» հիւրանոցին մէջ մեկուսացուած քաղաքացիներն ալ գանգատներ չունին:
«Մեր միւս 31 քաղաքացիները, որոնք յատուկ պայմաններում են բնակւում այս օրերին, նոյնպէս իրենց լաւ են զգում: Հիւրանոցում մեկուսացուածները եւս 12 օր կը մնան Ծաղկաձորում, «քորոնա» ժահրի քննութիւն կ'անցնեն երկու անգամ, եթէ այդ քննութիւններն էլ բացասական լինեն, նրանց կը ճանապարհենք տուն»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։ Այս պահուն Փետրուար 28-ի Թեհրանի թռիչքով Երեւան եկած քաղաքացին կը մնայ «քորոնա» ժահրի միակ վարակակիրը։ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ խիստ հսկողութեան տակ են յատկապէս Հռոմի եւ Միլանի թռիչքները:
«Այսօր կէսօրին վայրէջք կատարած Միլան-Երեւան թռիչքի բոլոր 69 ուղեւորները ստուգուել են»,- տեղեկացուցած է «Զուարթնոցի» սահմանային բժշկական հսկիչ կէտի բժիշկ-համաճարակաբան Հայկ Կարապետեանը։ Միլանէն Երեւան եկած մէկ ուղեւոր հիւանդանոց տեղափոխուած է, քանի որ քանի մը օր առաջ որոշ շնչառական վարակի նշաններ ունեցած է. - «Ուղեւորներից մէկը ունեցել է առողջական որոշակի խնդիրներ, այդ պատճառով հիւանդանոց տեղափոխել ենք՝ լրացուցիչ ստուգումներ անցկացնելու նպատակով»:
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտ Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր դրութեան մասին խօսելով ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան կարճ գրառում մը կատարեց նշելով, որ «Քորոնա» վարակով նոր հիւանդներ չկան, իսկ անոնք որ յայտնի պատճառներով մեկուսացման մէջ են կը գտնուին լաւ եւ բարւոք վիճակի մը մէջ։