ՄԻԵԴ-ը 17 դատաւորէ կազմուած Մեծ պալատ ձեւաւորած է՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով խորհրդատուական կարծիք տալու համար

2019-10-14
Image

Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) ընդունած է Սահմանադրական դատարանի կողմէ ՄԻԵԴ ներկայացուած դիմումը՝ Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումներու հիման վրայ Սահմանադրական դատարանի կողմէ քննութեան ընդունուած գործերով խորհրդատուական կարծիք ստանալու համար։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՄԻԵԴ-ը, խորհրդատուական կարծիքի տրամադրման համար 7 Հոտեմբերին ստեղծուած  է 17 դատաւորէ կազմուած Մեծ պալատ: Մեծ պալատի նախագահը սահմանած է նաեւ ժամկէտները՝ ներպետական դատավարութեան կողմերէն կամ այլ շահագրգիռ կողմերէն, այդ շարքին ՀՀ Կառավարութեան, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի, գրաւոր փաստարկներու ներկայացման համար։

ՄԻԵԴ-ը կը յիշեցնէ, որ խորհրդատուական կարծիքի խնդրանքը ներկայացուած է 2019 թուականի 2 Սեպտեմբերին, իսկ 2 Հոկտեմբերին այն ընդունուած է Մեծ պալատի յանձնաժողովի կողմէ:

Նշուած է, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի հայցադիմումի վերաբերեալ խորհրդակցական կարծիքը կը վերաբերի մինչ այդ տեղի ունեցած դատավարութիւններուն, որոնց մէջ կ'առաջարկուի ուսումնասիրել Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածի սահմանադրականութիւնը։

Մեծ պալատի նախագահը հրաւիրած է Սահմանադրական դատարանին մէջ ներքաղաքական դատավարութեան կողմերը, մասնաւորապէս Ազգային ժողովը եւ ՀՀ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, գրաւոր դիտարկումներ ներկայացնելու մինչեւ 2019 թուականի 19 Նոյեմբերը:

Նշենք, որ Հայաստանը երկրորդ երկիրն է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի թիւ 16 արձանագրութեան համաձայն կը դիմէ խորհրդատուական կարծիքի համար։ Առաջին երկիրը Ֆրանսան էր։ 16-րդ արձանագրութիւնը թոյլ կու տայ այն վաւերացուցած երկիրներու բարձրագոյն համարուող դատարաններուն դիմել ՄԻԵԴ՝ ստանալու խորհրդատուական եզրակացութիւն այն սկզբունքային հարցերու վերաբերեալ, որոնք կապուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի կամ անոր Արձանագրութիւններուն մէջ սահմանուած իրաւունքներու եւ ազատութիւններու մեկնաբանութեան կամ կիրառման հետ։