Մէկ շաբաթ սահմանին. Հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը աւելի քան 180 անգամ

Ապրիլ 19-էն 25-ն ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը աւելի քան 180 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 3500 կրակոց:
Բացի վերոնշեալ խախտումներէն, 21 ապրիլին` ժամը 13:07-ի սահմանին, ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու կողմէ հարաւային հատուածի մէջ խոցուած է Արցախի օդային սահմանը հատած, ատրպէյճանական զինուժին պատկանող, ‹‹ORBITER›› տիպի անօդաչու թռչող սարքը:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկեն Արցախի Հանրապետութեան օդային եւ ցամաքային սահմաններու պաշտպանութիւնը վստահօրէն իրականացնելու համար: