Մեր հաշուարկով Ապրիլեան պատերազմին տարածքային կորուստը եղած է մինչեւ 400 հեքթար. Լեւոն Մնացականեան

2020-04-28
Image

Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովին, Ապրիլ 27-ին, յանձնաժողովի անդամներու հարցերուն պատասխանած է Արցախի Պաշտպանութեան նախկին նախարար, ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեան: Նիստէն ետք ան անադրադարձած է այն հարցին, թէ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հայկական կողմի կորսնցուցած տարածքը ինչքան էր ի վերջոյ: «Մեր հաշուարկով՝ մինչեւ 400 հեքթար»,- ըսած է Մնացականեան՝ չպատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչու Ապրիլեան պատերազմէն օրեր ետք Սերժ Սարգսեան յայտարարեց 800 հեկտար տարածք կորսնցնելու մասին:

Ան նշած է, որ յանձնաժողովի անդամներուն հետ եղած է անկեղծ, անմիջական պատասխաններ տուած է եւ ներկայացուցած է իրականութիւնը:

Հարցին, թէ ի՞նչ բացթողումներ տեղի ունեցած են ապրիլեան պատարեզմի ժամանակ եւ անոնք կրնայի՞ն էական նշանակութիւն ունենալ պատերազմի ընթացքի համար, ան պատասխանած է՝ ի հարկէ, ոչ:

«Միանշանակ, Պաշտպանութեան բանակը կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրը, յաղթանակած է: Եւ այն թերութիւնները, որոնք կան, ցանկացած տեղ ալ ընելիքներ կան, Պաշտպանութեան բանակը կ'աշխատի այդ ուղղութեամբ: Իմ մասով ալ կար բացթողում»,- աւելցուցած է ան: Լեւոն Մնացականեան ըսած է, որ դեռ չ'ուզեր պատասխանել այն հարցին, թէ հետախուզութեան մասով թերութիւններ եղա՞ծ են ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, թէ ոչ:

«Հարցեր կան, որոնք դեռ պէտք է ճշդուին: Յանձնաժողովը կ'որոշէ՝ կարիք կ'ըլլայ նեկայացնելու, կը ներկայացնէ: Մենք մեր խնդիրը կատարած ենք, ի՞նչ ճակատագրական խնդրի մասին է խօսքը»,- նշած է ան: Անդրադառնալով զոհերու մասին հարցին, Մնացականեան ըսած է. «100-է աւելի զոհ չէ եղած, ապրիլ 2-էբ մինչեւ 5-ը եղած է 75 զոհ, որմէ 35-ը ժամկէտային զինծառայող եղած են»: