Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 2020-ի գլխաւոր ձեռքբերումներէն կը համարէ նոր սպառազինութիւններն ու սնունդի կազմակերպման նոր համակարգը։ Այս մասին ան յայտնած է ՀՀ կառավարութեան Facebook-ի էջին վրայ հրապարակուած տեսանիւթով, որ նուիրուած է 2019-ի ամփոփման եւ ՀՀ ՊՆ եկող տարուան յաւակնոտ ծրագիրներուն։
Տօնոյեանի խօսքով՝ անցնող տարին նշանաւոր դարձած է նորագոյն սպառազինութիւններու եւ զինուորական սարքերու ձեռքբերումով։ «Մեր զինուած ուժերը օրէ օր պիտի հզօրանան, մեր ուժը պիտի ըլլայ հակառակորդի համար աւելի մահաբեր»,- իր խօսքը աւարտած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը։
21 դեկտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին եւս Տօնոյեան խօսած է բանակին դրական ընթացքին մասին` դիտել տալով, որ 25 տարուան ընթացքին ստեղծուած է զինուորական ամբողջական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն` վարժարանէն մինչեւ ռազմական համալսարան: