Մեր գործերը լաւ չեն. Երէկ ունեցած ենք նոր մրցանիշ. 723 նոր դէպք. մահերու թիւը՝ 6. Փաշինեան

2020-06-13
Image

«Քորոնա» ժահրի հետ կապուած մեր գործերը լաւ չեն. Երէկ ունեցած ենք նոր մրցանիշ. 723 նոր դէպք արձանագրած ենք. մահերու թիւը 6, բուժուածներու թիւը 442: Այս մասին Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ես պէտք է անկեղծ ըսեմ, որ դառնացած եմ ոչ միայն այս թիւերու հետ կապուած: Ես Սեւանէն աշխատանքի եկած եմ եւ նոյնիսկ մեքենայի պատուհանէն կ'երեւի, որ մարդիկ կը շարունակեն համատարած չպահպանել կանոնները: Ամենաբացայայտը դիմակի կրումն է: Սկսած եմ մտածել, որ այստեղ խնդիրը արդէն դուրս եկած է «Քորոնա» ժահրի շրջանակէն»,-ըսած է ան: