Մեղադրանք ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանին դէմ

ՀՀ քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով (ՅԿԳ) քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ կը շարունակուի «Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրի մշակման եւ իրագործման գործընթացին մէջ թոյլ տրուած առերեւոյթ չարաշահումներու դէպքերու առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Պարզուած է, որ թէեւ ըստ իրաւական ընթացակարգերու ենթակապալառու կազմակերպութիւններու ընտրութիւնը գլխաւոր կապալառու սպանական կազմակերպութեան կողմէ պէտք է կատարուէր Ծրագրի ճարտարապետի եւ պատուիրատուի՝ ՀՀ կապի եւ փոխադրութեան նախարարութեան համապատասխան պաշտօնատար անձանց համաձայնութեամբ, սակայն փաստացի այդ գործընթացները ղեկավարուած են ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Լեւոն Սարգսեանի կողմէ, որ այդ գործընթացները կազմակերպած եւ իրականացուցած է Ծրագրին մէջ որպէս ենթակապալառու հանդիսացող «ՓՈԼԻԹՐԱՆՍՓՈՐԹ» ընկերութեան սեփականատերէր Սուրէն եւ Գէորգ Վարդանեաններու հետ:
Նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու հիման վրայ որոշում կայացուած է՝ Լեովա Սարգսեանը ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 311.2 -րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին, անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում եւ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան՝ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին:
Սուրէն եւ Գէորգ Վարդանեանները որպէս մեղադրեալներ ներգրաւուած են ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 38-189-րդ յօդուածի 3-րդ մասով, 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով, 38-205-րդ յօդուածի 2-րդ մասով եւ 311.2 -րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով: Անոնց նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում, որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորում:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, կը ձեռնարկուին մեծածաւալ քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ՝ Ծրագրի կատարման ընթացքին թոյլ տրուած չարաշահումներու բոլոր հանգամանքները բացայայտելու, անոնց առնչութիւն ունեցած անձանց ամբողջական շրջանակը պարզելու եւ անոնց քրէական պատասխանատւութեան ենթարկելու ուղղութեամբ:
Ծանուցում. Ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով` դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճռով: