Մեղադրանք՝ Վիգէն Սարգսեանին դէմ

2019-09-26
Image

Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութիւնը  մեղադրանք առաջադրեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի դէմ` Հայաստանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու համապատասխան պաշտօնատար անձերուն համար ճշդուած պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ լիազօրութիւնները շրջանցելու յանցանքով:

Բաւարար ապացոյցներ ձեռք բերուած են պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու դէպքով որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու համար, կը հաղորդէ Քննչական կոմիտէն:

« Երեւան քաղաքի Գ. Հասրաթեան փողոցի 25/6 շէնքի 71 բնակարաններից 29-ի յատկացումների վերաբերեալ որոշում է կայացրել ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը, եւ այդ բնակարանների յատկացման հարցն ընդհանրապէս չի քննարկուել յանձնաժողովի կողմից, իսկ յանձնաժողովի քննարկման արդիւնքում նշուած շէնքի մի շարք բնակարաններ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի յանձնարարութեամբ, յանձնաժողովի կողմից յատկացուել են ՀՀ կառավարութեան վերոնշեալ որոշմամբ սահմանուած կարգի խախտմամբ, ինչի հետեւանքով էական վնաս է պատճառուել ՀՀ ՊՆ համակարգի մշտական բնակութեան մակերեսի կարիքաւոր զինծառայողների իրաւունքներին, վերջիններիս եւ պետութեան օրինական շահերին», -ըսուած է Քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախաքննութիւնը շարունակելու համար քրէական գործը ուղարկուած է ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւն:

Վիգէն Սարգսեանը նախկին իշխող Հանրապետական կուսակցութեան առաջին փոխնախագահն է, եղած է երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավարը, 2016-էն մինչեւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը պաշտպանութեան նախարարն էր: