Մեկնարկած է 2019 թուականի ձմերռնային զօրակոչը

2019 թուականի ձմեռային զօրակոչը մեկնարկած է Դեկտեմբեր 16-ին: Դեկտեմբեր 16-ին պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայութեան պիտի մեկնին առաջին նորակոչիկները: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Զինուած ուժերու համալրման գործընթացը խստագոյնս կը վերահսկուի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, ԶՈւ ԳՇ ղեկավարութեան եւ իրաւապահ մարմիններու կողմէ:
Զօրակոչին մասնակցող բոլոր կառոյցներու համակարգուած աշխատանքի եւ հետեւողականութեան, զօրակոչի գործընթացի օրինականութեան եւ թափանցիկութեան ապահովման, քորուփցիոն երեւոյթներու բացառման նպատակով ներդրուած զինծառայութեան վայրի ընտրութեան վիճակահանութեան շնորհիւ զօրակոչային գործընթացի իրականացումը դրուած է բարձր հիմքերու վրայ:
ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ ծառայելը եւ սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու հայրենիքի պաշտպանութիւնն ապահովելը ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացիի սահմանադրական պարտքն է: Կոչ կ'ընենք ազգաբնակչութեան սատարելու համապետական նշանակութեան այս միջոցառման իրականացման:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հրամանով ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին առընթեր հասարակական խորհուրդի հովանիի ներքոյ ստեղծուած է 2019թ. ձմերռնային զօրակոչի ընթացքին քաղաքացիներու դիմումներու եւ բողոքներու քննարկման յանձնաժողով: Տեղեկութիւններու համար զանգել 010-52-34-82 հեռախօսահամարով: Խաղաղ ծառայութիւն հայրենիքի պաշտպաններուն»,- ըսուած է ՀՀ ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ: