Մեկնարկած է Նիկոլ Փաշինեանի այցը Իտալիա. վարչապետը այցելած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ գործող Մխիթարեան միաբանութիւն

Իտալիա կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի` Մխիթարեան միաբանութեան Մայրավանք: Ըստ «Արմէնբրես»-ի՝ ՀՀ վարչապետին դիմաւորեցին Վենետոյի փոխնահանգապետ Ֆետերիքօյ Քաներ, Սուրբ Աթոռին մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեան, Վենետօ նահանգին մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեան:
Նախ կայացաւ նեղ կազմով հանդիպում Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակներու հետ, այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան շրջեցաւ Մայրավանքին մէջ, որմէ ետք գրառում կատարեց միաբանութեան «ոսկէ գիրք»-ին մէջ:
«Եկած ենք մեր զօրակցութիւնը յայտնելու ջրհեղեղէն տուժած Մխիթարեան միաբանութեան, ուրախ եմ, որ անդառնալի վնաս տեղի չէ ունեցած: Նաեւ կ՛ուզեմ հայ ժողովուրդի գնահատանքն արտայայտել Մխիթարեան միաբանութեան, որ մեր ժամանակակից կրթութեան, գիտութեան արուեստի աղբիւրներէն մէկն է: Այն ժամանակ, երբ հայութեան ինքնութիւնը վտանգուած էր Հայրենիքի մէջ, Մխիթարեան միաբանութիւնը մեր լեզուի, պատմութեան, ինքնութեան պահպանման մէկ տաճարը դարձաւ»,-գրեց Փաշինեան:
Այնուհետեւ վարչապետը ընդլայնուած կարգով հանդիպում ունեցաւ վանահայրերու, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը պէտք չէ համաձայնին գտնուելու համաշխարհային կրթութեան, գիտութեան յետնախորշերու մէջ: Անհրաժեշտ է ունենալ մրցակցային կրթութիւն եւ գիտութիւն, ըսաւ ան հանդիպման ժամանակ:
«Մխիթարեան միաբանութեան դերը անգնահատելի է, ան ունի հսկայական գիտական ժառանգութիւն եւ դարձած է գիտական տաճար: Այն քաղաքական ուժին, որ կը ներկայացնեմ, կազմած ծրագրի հիմքը ինքնութեան պահպանումն ու զարգացումն է: Ես կ՛ուզեմ ընդգծել, որ, ըստ էութեան, շատ յաճախ պսպղան կարգախօսներու տակ, կը վնասենք մեր ինքնութեան, կը կորսնցնենք ապագայի վերաբերեալ մեր պատկերացումները: Մեր կառավարութեան առաքելութիւնը կը համարեմ այն, որ մենք մեզ ամբողջական ճանչնանք, գնահատենք մեր ունեցած ներուժը: Համոզուած եմ, որ Մխիթարեան միաբանութեան մէջ դեռ շատ հետազօտելու նիւթեր կան: Եւ անոնք կրնան ըլլալ հայաստանեան գիտական շրջանակներու ուշադրութեան կեդրոնը»,-ըսաւ Փաշինեան:
Ան նշեց՝ գործնական այցերու ժամանակ հիմնականօրէն հանդիպումներուն մէջ կը ներառէ հայ համայնքի հետ հանդիպումը: Ան կը կարծէ, որ Հայաստան աւելի ուժեղ կ՛ըլլայ, եթէ ինք ներկայանայ ոչ միայն որպէս ՀՀ քաղաքացիներու ներկայացուցիչ, այլ` համայն հայութեան:
«Հայաստանը հայ ժողովուրդի պետութիւնն է: Ամէն հայ, անկախ անկէ կ՛ապրի Հայաստանի մէջ, թէ ոչ, պէտք է ապրի Հայաստանով: Յեղափոխութեան օրերուն մեծ էր համայն հայութեան աջակցութիւնը: Այդ օրերուն մեծ թիւով նամակներ կը ստանայի Մեքսիքայի, Ռուսիոյ, Ուրուկուէյի, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ կազմակերպուած աջակցութեան տարբեր ձեռնարկներու վերաբերեալ: Եւ ատիկա պարզապէս նամակագրութիւն չէր, այլ տեղի կ՛ունենար համահայկական գործընթաց: Այսօր այդ իրավիճակը չէ փոխուած»,-ըսած է Փաշինեան:
Ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր կառավարութիւն պէտք է ունենայ ազգային օրակարգ: Անոր խօսքով, այսօր իրենց առաջարկած ազգային օրակարգը չի համընկնիր որոշ շրջանակներու պատկերացումներուն, որովհետեւ տարիներ շարունակ այդ ձեւակերպման տակ ոմանք Հայաստանի մէջ հաստատած են փտածոթեան կարգեր: Յարմար տանիք ձեւաւորած են հարստութիւններ կուտակելու, կրթական համակարգի որակը իջեցնելու:
«Կրթութեան որակը այն աստիճան իջած է, որ Հայաստանի մէջ, ըստ էութեան, չկան մրցունակ համալսարաններ, մրցունակ բաժանմունքներ: Այսօր տարբեր ոլորտներու մէջ ունինք արհեստավարժութեան խնդիր: Ահա այդ խնդիրները պէտք է լուծենք: Իրօք, գիտութիւնը, կրթութիւնը շատ կարեւոր է մեր ինքնութեան համար: Մենք պէտք չէ համաձայնինք գտնուելու համաշխարհային կրթութեան, գիտութեան յետնախորշերուն»,-ըսած է ան: