Մեկնարկած է «Հեռուստամարաթոն 2019»-ը

Երեւանի մէջ մեկնարկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ իրականացուող ազգային նուիրատւութեան 22-րդ հեռուստամարաթոնը:
«Հեռուստամարաթոն-2019»-ն այս տարի կը կրէ «Ես իմ անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» խորագիրը:
12-ժամեայ համահայկական դրամահաւաքի առաջին 4 ժամը այս տարի պիտի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, իսկ յաջորդ 8 ժամը պիտի հեռարձակուի Լոս Անճելըսէն:
«Հեռուստամարաթոն-2019»-ի ընթացքին հաւաքուած միջոցները պիտի ուղղուին խմելու ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներու իրականացման համար Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երէք մարզերու` Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, հարիւրէ աւել համայնքներ պիտի ապահովուին շուրջօրեայ ջրամատակարարմամբ, անվճար ջեռուցմամբ ու ելեկտրականութեամբ:
Վերջերս նորոգորած է նաեւ Հիմնադրամին կայքը` նոյն հասցէով, որ Հիմնադրամի աշխատանքները կը դարձնէ լիովին թափանցիկ ու հաշուետու համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ առցանց նուիրատուութիւններ կատարել ձեր նախընտրած ձեւով:
Հհիմնադրամի այս տարուան հեռուստամարաթոնի երգը կը կոչուի «Ես իմ անուշ Հայաստանի». Չարենցի այս հանրայայտ բանաստեղծութիւնը դարձած է հիմնադրամի այս տարուան ոչ միայն կարգախօսը, այլեւ համախմբողը: