Մեծ Յաղթանակի 75-ամեակի շքերթին ՀՀ զօրախումբը պիտի գլխաւորէ պաշտպանութեան նախարարը

Հայրենական Մեծ Պատերազմի 75-րդ տարեդարձին նուիրուած շքերթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ 75 հոգիէ բաղկացած զօրախումբ` պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորութեամբ։ Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջի գրառմամբ տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Մանէ Գէորգեանը։
«Ինչպէս այսօր ձեզմէ շատերը տեղեկացան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի չմասնակցի Հայրենական Մեծ Պատերազմի 75-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներուն: Միաժամանակ, կ'ուզեմ յայտնել, որ շքերթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ 75 հոգիէ բաղկացած զօրախումբ` պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորութեամբ»,- նշած է Մանէ Գէորգեանը: