Մարտ մէկի հարցով Բալասանեան քննչական  ծառայութիւն կանչուած է

2019-09-12
Image

Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը չէ ներկայացած «Յատուկ քննչական ծառայութիւն» (ՅՔԾ) հարցաքննութեան՝ «Ազատութեան» հարցմանն ի պատասխան յայտնած են ՅՔԾ-էն։

Փոխարէնը Բալասանեանը դիմում ուղարկած է Մարտ 1-ի գործը քննող քննչական ծառայութեան, նշելով՝ «2008 թուականի մարտի 1-ի եւ 2-ի իրադարձութիւններու ժամանակ անձամբ Երեւան չէ գտնուած, եւ այդ օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին իր տուեալները կը սահմանափակուին այնքանով, որքանով որ անոնք հասանելի եղած են հասարակութեան լայն շրջանակներուն եւ տարածուած ԶԼՄ-ներու միջոցով»:

Մինչդեռ օրեր առաջ Բալասանեանը հարցազրոյց տուած էր լրատուամիջոցներէն մէկուն, ուր անդրադարձած էր արիւնալի այդ դէպքերուն, 10 զոհերու սպանութեան հանգամանքներու բացայայտման հետ կապուած արտայայտած էր իր տեսակէտը։ Բալասանեանը մասնաւորապէս անդրադարձած էր 2008-ի քաղաքական գործընթացներուն զինուած ուժերու ներգրաւման մասին քննչական ծառայութեան պնդումներուն՝ ըսելով. «Ի՞նչ կը նշանակէ՝ բանակը կրակած է, ցոյց տուէք մէկ դէպք, որ բանակը կրակած է: Կը խօսուի, թէ զօրավարները եկած են, հրամաններ տուած են, զօրավարները կրակած են, 60 հոգի առանձնացուած են։ Ժողովուրդի վրայ կրակած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը իր խումբով: Կու գայ ժամանակը, ես ալ տեղեակ եմ Մարտ 1-ի դէպքերու մասին, ես ալ տեղեկութիւններ ունիմ՝ ինչ կատարուած է: Րոպէ առաջ պէտք է այդ երեւոյթին գնահատական տալ, եւ ազատութեան մէջ ըլլայ Ռոպերթ Քոչարեանը»:

Անոր այս յայտարարութենէն ետք ՅՔԾ-ի փորձերը՝ կանչել Բալասանեանը հարցաքննութեան, չեն յաջողած։ Ինչպէս կը հաղորդէ քննչական ծառայութիւնը, Մարտ 1-ի քրէական գործով հարցաքննութեան կանչելու նպատակով Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան միջոցով ծանուցագիր ուղարկուած է Վիտալի Բալասանեանին, սակայն անկէ ետք ստացած են անոր դիմումը։