Մարտին Գալստեանը ընտրուեցաւ Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան նախգահ

ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս կայացած փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ Մարտին Գալստեանն ընտրուած է Կեդրոնական դրամատան նախագահ։
Քուէարկութեան մասնակցած է 119 պատգամաւոր, որոնցմէ 104 «կողմ», իսկ 15 «դէմ» քուէարկած են:
Մարտին Գալստեանը տնտեսագիտութեան թեկնածու է: Աշխատանքային գործունէութիւնը սկսած է 1998-ին՝ ՀՀ կեդրոնական դրամատան մէջ: 2018-էն առայսօր Կեդրոնական դրամատան խորհուրդի անդամ է:
ԱՆ պիտի փոխարինէ Արթուր Ջաւադեանին, որուն պաշտօնավարման ժամկէտը կը լրանայ 1 յունիսին: