Մարտական հերթափոխի մեկնող զինծառայողները պարտադիր բժշկական քննութեան կ'ենթարկուին

2020-03-21
Image

Հայաստանի զինուած ուժերը «Քորոնա» ժահրի վարակին ներթափանցումը կանխելու եւ զինուորները վարակէ պաշտպանելու համար կը շարունակէ կանխարգելիչ քայլեր առնել։ Այս մասին յայտնեցին պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն։

«ՀՀ զինուած ուժեր նոր «քորոնա» ժահրային վարակի ներթափանցումը կանխելու եւ զինծառայողները վարակէն պաշտպանելու համար կը շարունակուին կանխարգելիչ միջոցառումները:

Զօրամասերուն մէջ կը կատարուին ախտահանիչ գործողութիւններ:  Մարտական հերթափոխի մեկնող զինուորները կ՛ենթարկուին պարտադիր բժշկական զննումի, անոնց կը տրամադրուին ախտահանիչ միջոցներ: Կը հականեխուին նաեւ մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած ռազմական համակարգը եւ սպառազինութիւնը։

Հայաստանի բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպք չէ արձանագրուած. կը ձեռնարկուին հակահամաճարակային անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն՝ բանակը ժահրի ներթափանցումէն զերծ պահելու համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: