Մանուէլ Գրիգորեան պիտի շարունակէ բանտի մէջ մնալ

Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանին կալանքը գրաւով փոխարինելու հերթական միջնորդութիւնը մերժուեցաւ։ Փաստաբան Արսէն Մկրտչեանը յայտարարեց՝ Մանուէլ Գրիգորեանին առողջական վիճակը անազատութեան մէջ գտնուելով աւելի կը վատանայ։
Դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը մերժեց միջնորդութիւնը՝ անհիմն ըլլալու պատճառաբանութեամբ։
Նշենք, որ Գրիգորեան երէկ կրկին ներկայ չէր իր եւ կնոջ գործով դատական նիստին՝ առողջական խնդիրներու պատճառով։
63-ամեայ Մանուէլ Գրիգորեանը կը մեղադրուի ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամի գոյք իւրացնելու, աւելի քան 1 միլիառ դրամի հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան 1 միլիառ դրամ վատնելու եւ շորթմամբ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւնը կազմակերպելու մէջ։
Կինը՝ Նազիկ Ամիրեանը, կը մեղադրուի ամուսինին, որդիին՝ Արման Գրիգորեանին, եւ քննութեամբ չպարզուած այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով իրենց պատկանող երեք տուներուն մէջ ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր պահելու, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի յափշտակութիւններ կատարելու մէջ: