Մահացած է Ռուբէն Շուկարեան

Մահացած է դիւանագէտ, պետական գործիչ՝ Ռուբէն Շուկարեան։ Ֆէյսպուքեան իր էջին հաստատած է տեղեկութիւնը իր որդին՝ Նարեկ Շուկարեան։
«Մեծ ցաւով կը յայտնենք, որ այսօր առաւօտեան Պոսթըն Մեսեսչուսեցի մէջ, կեանքէն հեռացաւ Ռուբէն Շուկարեանը»,- գրած է ան։ Կը նշուի, որ Ռուբէն Շուկարեան նախորդ շաբաթ կաթուած անցուցած էր։
Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են.-
«Խորը վիշտով կը յայտնենք, որ 21 ապրիլին կեանքէն վաղաժամ հեռացաւ ՀՀ պետական եւ քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, դասախօս եւ գիտնական, մեր սիրելի գործընկեր Ռուբէն Շուկարեանը:
Պարոն Շուկարեան մեծ աւանդ ունեցած է ՀՀ դիւանագիտական ծառայութեան համակարգի կայացման գործին մէջ: Դիւանագէտի բազմամեայ գործունէութեան ընթացքում ան իր մասնագիտական բարձր պատրաստուածութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ մարդկային որակներով կարողացած է լաւագոյնս ներկայացնել Հայաստանի ազգային շահերը եւ առաջ մղել ՀՀ արտաքին քաղաքական գերակայութիւնները: Ատոր արդիւնքն եղած են ԱՄՆ-ի, եւրոպական շարք մը երկիրներու հետ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով գրանցուած ձեռքբերումները:
Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք պարոն Շուկարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան անոր կորուստը: Նոր լուսաւոր մարդկային եւ փայլուն դիւանագէտի կերպարը մշտապէս վառ պիտի մնան մեր յիշողութիւններուն մէջ»: