ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութեան մասին զեկոյցը

«Արմէնբրէս»,- Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան մէջ (ՄԱԿ) որպէս պաշտօնական փաստաթուղթ տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան Կամաւոր ազգային զեկոյցը՝ ՄԱԿ-ի «Կայուն զարգացման 2030 օրակարգին մէջ» ներառուած կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման մասին:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնէն, զեկոյցը իրմէ կը ներկայացնէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրավունքի յիման վրայ ժողովրդաւարական պետութիւն կառուցանելու և տնտեսական, սոցիալական եւ մշակութային զարգացում ապահովելու նպատակով Արցախի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան մասին ամփոփ փաստաթուղթ:
Զեկոյցին մէջ ներկայացուած է տեղեկատուութիւն՝ կայուն զարգացման ոլորտներու յատուկ նպատակներու իրականացման գործին մէջ արձանագրուած առաջընթացի՝ ի հեճուկս Ազրպէյճանի կողմէն անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան ֆիզիկական գոյութեան սպառնալիքներուն:
Ազգային զեկոյցը պատրաստուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ և հաստատուած է Արցախի կայուն զարգացման ազգային խորհրդի կողմէն: