Ղարաբաղի օրակարգը ներկայ Մնացականեան-Լաւրով հեռախօսազրոյցի ընթացքին

2020-05-15
Image

14 Մայիսին, Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կառոյցներու՝ ԱՊՀ, ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր:

Զոհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ  գործընթացին: Նոր «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հարցերու հասցէագրման պարունակին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան կարեւոր նկատած է հակամարտութեան բոլոր կողմերուն անվերապահ յանձնառութիւնը 21 Ապրիլին Մինսքի խումբի համանախագահներուն մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ ընդունուած հինգկողմանի յայտարարութեան դրոյթներուն: