Ղարաբաղեան հարցը Փութին- Մաքրոն քննարկման սեղանին

«Ռիա Նովոստի»,- Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներ` Վլատիմիր Փութինն ու Էմանուէլ Մաքրոնը Ֆրանսական Պրեկանս քաղաքին մէջ եղած հանդիպման ընթացքին, քննարկած են տարածաշրջանային խնդիրները , ներառեալ՝ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:
Ռուսաստանի նախագահի խօսնակ Տիմիթրի Փեսքով ըսած է, թէ բանակցութիւնները եղած են յագեցած, կառուցողական եւ վստահելի: Փեսքով նաեւ նշած է, որ անդրադարձած են տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն՝ Պալքաններու խնդրին, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղեան հիմնախնդրին, ինչպէս նաեւ երկու առաջնորդները անդրադարձած են կլիմայի տաքացման հարցին, եւ Անթարթիքայի մէջ ստեղծուած կացութեան։
«Այդ ամէնը կարելի է բնութագրել որպէս բովանդակային առումով յագեցած, բաւականին կառուցողական եւ վստահելի երկխօսութիւն» եզրակացուցած է Փեսքով։