Հռոմէն յատուկ թռիչքով Երեւան ժամանած Հայաստանի 67 քաղաքացիները մեկուսացուած են. ՊՆ Մամլոյ խօսնակ

Ժամեր առաջ Հռոմէն իրականացուած յատուկ թռիչքով Երեւան ժամանած էր Հայաստանի 67 քաղաքացի:
Բոլոր ուղեւորները մեկուսացուած են Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի տարածքին, որ ունի առանձնացուած ենթակառուցուածքներ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։
«Մեկնելով ՀՀ բնակչութեան համաճարակային անվտանգութեան ապահովման մասին ՀՀ օրէնքի 8-րդ յօդուածէն, որ կը սահամանէ պետական եւ տեղական ինքակառավարման մարմիններու լիազօրութիւնները բնակչութեան համաճարակային անվտանգութեան ապահովման բնագաւառէն ներս, ՊՆ-ն կառավարութեան կողմէ լիազօրուած է համակարգելու, օգտագործելու իր բոլոր ենթակառուցուածքներն ու միջոցները մաքրութեան եւ համաճարակային միջոցառումներու կազմակերպման եւ բնակչութեան, առաջին հերթին զինծառայողներու, համաճարակային անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
Ըստ անհրաժեշտութեան, ՊՆ-ն, պետական գերատեսչութիւններու հետ համագործակցելով, իր ամբողջ ներուժն ու ենթակառուցուածները ի սպաս պիտի դնէ պսակաւոր ժահրի կանխարգիլման եւ վերացման համար: Միաժամանակ կը տեղեկացնեմ, որ ուսուցման կազմակերպման գործընթացին վրայ այս որոշումը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ: Վարժարանի տարածքը կանխարգելիչ քայլերէն ետք պիտի ախտահանուի»,- գրած է Շուշան Ստեփանեան: