Հպարտ եմ մեր քաղաքական թիմով՝ «Իմ քայլը» խմբակցութեամբ. Նիկոլ Փաշինեան

2020-06-23
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է.

«Ազգային ժողովը ընդունեց Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները, որով Սահմանադրական դատարանի գործող նախագահը պաշտօնանկ կ'ըլլայ, իսկ ՍԴ երեք անդամներ կ'ուղարկուին թոշակի:

Ընդունուեցաւ նաեւ «ԱԺ կանոնակարգ» օրէնքի փոփոխութիւնը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ Հանրապետութեան նախագահի կողմէն ստորագրուելէ ետք, որմէ ետք ԱԺ նախագահը պիտի հրապարակէ Սահմանադրական փոփոխութիւններու փաթեթը, եւ այդ պահէն ՍԴ նախագահը պաշտօնանկ պիտի համարուի, իսկ ՍԴ երեք դատաւորներու լիազօրութիւնները պիտի դադրին:

Հպարտ եմ մեր քաղաքական թիմով՝ «Իմ քայլը» խմբակցութեամբ»: