Հոլանտա դեսպանատուն պիտի բանայ Երեւանի մէջ

Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ հրապարակուած է Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն բանալու հիմնաւորումը: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրառում կատարած է Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեանը:
«Հայաստանը կը գտնուի Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ, հետեւաբար ռազմավարական կարեւորութիւն ունի: 2018 թուականի ապրիլին, այսպէս կոչուած, թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նոր կառավարութիւնը կ'արդիականացնէ երկիրը եւ կը պայքարի փտածութեան դէմ: Հոլանտան կրնայ աջակցիլ այս գործընթացին: Այս պահուն Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ միակ երկիրն է, ուր Հոլանտան դեսպանատուն չունի: Ներկայացուցիչներու պալատը կ'ուզէ դեսպանատուն բանալ նաեւ Երեւանի մէջ»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ: