Հնարաւոր է, որ մէկ շաբաթէն սահմանափակումները աստիճանաբար թուլանան. Վարչապետ

Կառավարութիւնը մէկ շաբաթէն, հնարաւոր է աստիճանաբար թուլացնէ սահմանափակումները, եթէ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերը նուազին, ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Ուղիղ եթեր մտեր եմ կիսուելու լուրով մը, որ հնարաւոր է շատ լաւ լուր է «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման եւ ընթացքին հետ կապուած», - նշած է Փաշինեան:
5 ապրիլին տեղի ունեցած է «Քորոնա» ժահրի 263 հետազօտութիւն, որմէ միայն 11-ը դրական եղած է։ Փաշինեանի համաձայն՝ ամբողջական գնահատական տալու համար պէտք է սպասել միւս օրերու տուեալները։
«Սա մեզ բոլորիս պէտք է ոգեւորէ, որ եւս մէկ շաբաթ առաւելագոյնը խիստ գտնուինք մենք մեր նկատմամբ, սահմանափակումները պահենք, եւ եթէ մեր կանխավարկածը արդարանայ կը նշանակէ, որ երկուշաբթի օրէն արդէն հնարաւորութիւն կ'ունենանք մտածել ռէժիմի թուլացումներու մասին», - ըսած է վարչապետը:
Սահմանափակումները արդէն տուած են իրենց արդիւնքը, այս արդէն, ըստ փոխ վարչապետի։ Տիգրան Աւինեանի ներկայացումով, 25 մարտէն սկսեալ գործող սահմանափակումները վարակի տարածման ուժգնութիւնը նուազեցուցած են, գործակիցը դարձնելով 1.4 , մինչդեռ սահմանափակումները մտցնելէն մէկ շաբաթ առաջ այդ տուեալը եղած էր 2։
Աւինեան մանրամասնած է, որ վարակի տարածման ուժգնութեան գործակիցը ցոյց կու տայ, թէ 1 վարակուած անձը հաւանական քանի հոգիի կրնայ վարակել: Եթէ գործակիցը կարելի չէ նուազեցնել, վարակի տարածումը անընդհատ աւելի արագ կը զարգանայ:
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, ի դէպ, գծապատկերներ հրապարակած էր նշելով, որ դեռ 7-օրեայ կրկնապատկման ընթացքը կը պահպանուի։ Եթէ 28 մարտին հաստատուած դէպքերը 424 էին, ապա արդէն մէկ շաբաթ յետոյ տուեալները կրկնապատկուած են։
Հայաստան «Քորոնա» ժահրի արդէն 853 հաստատուած դէպք կայ, որմէ 82-ը բուժուած են։ COVID-19-ը Հայաստանի մէջ 8 մարդու կեանք խլած է։