ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ողջունեց ԱՄՆ ներկայացուցիչներու տան որոշումը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Twitter-ի իր էջին միջոցով ողջունած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի պատմական քուէարկութիւնը։
«Կ՝ողջունեմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի պատմական քուէարկութիւնը։ Բանաձեւը հզօր քայլ է պատմական արդարութեան ու ճշմարտութեան ուղղութեամբ, որ նաեւ մխիթարանք կը հաղորդէ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու ժառանգներուն։ Ընդունեցէք իմ սրտանց շնորհաւորանքներն ու հիացմունքը ուղղուած ամերիկահայերու սերունդներուն, որոնց անձնազոհ քաղաքական ու հասարակական գործունէութիւնն ու հաստատակամութիւնն էին այս պատմական քուէարկութեան շարժիչ ուժն ու ոգեւորութիւնը։ Այլեւս երբեք»,- նշած է վարչապետ Փաշինեան։