ՀՀ վարչապետն ու բարձրաստիճան պաշտoնեաները յարգանքի տուրք մատուցած են Բաքուի ջարդերու զոհերու յիշատակին

Պաքուի մէջ իրականացած հայերու ջարդի 30-րդ տարելիցին առիթով՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին։ Պետական այրերը ծաղկեպսակ դրած են զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշարձանին։
Յիշեցնենք, որ 30 տարի առաջ՝ 1990 Յունուար 13-19 երկարող ժամանակաշրջանին՝ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ դաժան սպանդի զոհ դարձան եւ բռնի տեղահանուեցան տասնեակ հազարաւոր հայեր:
Հայերու հանդէպ 6 օր դրսեւորուած վայրագութիւններէն ետք՝ շուրջ 250 հազար հայ բնակիչ ունեցող քաղաք հայաթափուեցաւ:
Տեղի ունեցած ջարդերը կազմակերպուած էին Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատի (ԱԺՃ) կողմէ, իսկ
իշխանութիւնները կը հովանաւորէին զանոնք: