ՀՀ ոստիկանութիւնը բնակչութեան կը յորդորէ խստագոյնս սահմանափակել բնակարաններէն դուրս գալը

ՀՀ ոստիկանութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ ըսուած է. «Հանրապետութեան մէջ նոր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան յետագայ տարածումը սահմանափակելու, առկայ դէպքերը նուազեցնելու, ինչպէս եւ մարդոց, յատկապէս տարեցներու առողջութիւնը չվտանգելու համար, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը բնակչութեան կը յորդորէ՝
-խստագոյնս սահմանափակել բնակարաններէն դուրս գալը.
-բնակարաններէն դուրս գալ բացառապէս ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային.
-խստագոյնս պահպանել պարէտի որոշումներով սահմանուող պահանջները, որոնց չկատարելը կ'առաջացնէ օրէնքով նախատեսուած պատասխանատւութիւն»։