ՀՀ-ն պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման եւ սահմանագծման. Կայացած է Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը

2021-11-27
Image

Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ կայացաւ Փութին-Ալիեւ-Փաշինեան եռակողմ հանդիպումը, որուն սկզբնաւորութեան Ռուսաստանի նախագահը յոյս յայտնեց, թէ մօտ ժամանակներս կրնան որոշումներ ընդունուիլ Ղարաբաղի փոխադրային հաղորդակցութիւնները բանալու մասին։

«Կան հիմքեր ենթադրելու, որ առաջիկայ ժամանակներուն մենք ոչ միայն կը հաստատենք ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցերով համապատասխան խումբի գործունէութիւնը, այլ նաեւ կ’ընդունինք բոլորի համար անհրաժեշտ որոշումներ», – հանդիպման մեկնարկին յայտարարեց Ռուսաստանի նախագահը։

Վլատիմիր Փութինը նաեւ յոյս յայտնեց, որ մօտ ժամանակներս կողմերը կը սկսին աշխատանքները սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման շուրջ։ Ռուսաստանի նախագահը ընդգծեց, որ Ռուսաստանը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ ցանկացած շփում, անոնց կարգին՝ Դեկտեմբեր 15-ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք հանդիպումը։ Փութինը, միեւնոյն ժամանակ, յոյս յայտնեց, որ այսօրուայ հանդիպման կողմերը «որոշակի քայլեր կը ձեռնարկեն եռակողմ ձեւաչափով, որպէսզի պրիւքսէլեան հանդիպումը աւելի արդիւնաւէտ անցնի»։

«Ատրպէյճանը բազմիցս առաջարկած է անյապաղ սկսիլ սահմանազատման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ բազմիցս բարձրաձայնած է խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հարցը, որպէսզի երկու երկիրները ճանաչեն իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ այսուհետ շարունակեն ապրիլ որպէս հարեւաններ», – ընդգծեց ան։

Հայաստանի վարչապետը Փութինի եւ Ալիեւի հետ չհամաձայնեցաւ, որ իրավիճակը հրադադարէն յետոյ հանգիստ էր, նշեց, որ եղած են միջադէպեր, բացի այդ խօսեցաւ Երեւանի համար առանցքային հարցերու՝ գերիներու վերադարձին, Հայաստանի տարածք մտած ատրպէյճանական զինուժի եւ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման մասին։

«Ուզում եմ ընդգծել, որ իրավիճակը այնքան էլ կայուն չէ, որքան կը ցանկանայինք։ Անցած տարուայ Նոյեմբերի 9-ից յետոյ մի քանի տասնեակ մարդ է զոհուել՝ երկու կողմերից, միջադէպեր են լինում նաեւ Լեռնային Ղարաբաղում։ Մայիսի 12-ից մենք փաստացի ճգնաժամային իրավիճակ ունենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին, մեր գնահատականով, Ատրպէյճանի զօրքը ներխուժել է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք», – ընդգծած է Փաշինեան։

Ասոր հետ մէկտեղ Հայաստանի վարչապետը պնդեց, թէ պատրաստ է բանակցիլ: «Այսօր չենք հաւաքուել միայն խնդիրներից խօսելու համար, այլ՝ դրանք կարգաւորելու», – ըսաւ ան, աւելցնելով, որ Հայաստանը նոյնպէս պատրաստ է սկսիլ սահմանազատման աշխատանքները եւ շահագրգռուած է ճանապարհներու ապաշրջափակմամբ։

Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման՝ Փաշինեան պնդեց, որ այդ հարցի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ։