ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ամսականը նուրիաբերեց «Քորոնա»ի տարածման դէմ պայքարին

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ ամսուան աշխատավարձը կը փոխանցէ «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ յաղթահարման աջակցելու նպատակով բացուած յատուկ հաշուին։ Այս մասին հրապարակուած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի Facebook-ի էջին։
«Ի աջակցութիւն «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ ամսուան աշխատավարձը՝ 1. 017.556 դրամ, կը փոխանցէ «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ յաղթահարման ուղղուած՝ առողջապահութեան նախարարութեան միջոցառումներուն աջակցելու նպատակով բացուած յատուկ հաշուին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: