ՀՀ Կառավարութիւնը պիտի աջակցի կարգ մը կուսակցութիւններու

2020-02-13
Image

Կառավարութիւնը կը նախատեսէ հինգ կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու դրամական աջակցութիւն տրամադրել՝ ընդհանուր 103,7 միլիոն դրամի։ Համապատասխան որոշման նախագիծն ընդգրկուած է կառավարութեան 13 փետրուարի նիստի օրակարգին մէջ։

Գումարը պիտի տրամադրուի 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երեք եւ աւելի տոկոս ձայն հաւաքած առանձին կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու։

Գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ կերպ․

Իմ քայլը դաշինք – 78 միլիոն դրամ

Բարգաւաճ Հայաստան - 9,1 միլիոն դրամ

Լուսաւոր Հայաստան – 7 միլիոն դրամ

ՀՀԿ – 5,2 միլիոն դրամ

ՀՅԴ – 4,3 միլիոն դրամ

Կառավարութեան որոշման նախագիծը ներկայացուցած է տնտեսութեան նախարարութիւնը։