ՀՀ կառավարութիւնը շատ հարցերու շուրջ կ'ուզէ խորհրդակցիլ Սփիւռքի հետ, բայց կը բախի մէկ խնդիրի. Փաշինեան

2019-11-21
Image

Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ամենամեծ խնդիրը հետեւեալն է. իսկ որ շրջանակն է, որ ունի լիազօրութիւն ներկայացնելու Սփիւռքը եւ խօսելու Սփիւռքի անունով: Այս մասին, Նոյեմբեր 20-ին, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայրերու եւ Վենետիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Անոր խօսքով, ՀՀ կառավարութիւնը շատ կ'ուզէ շատ հարցերու շուրջ խորհրդակցիլ Սփիւռքի հետ. «Մենք փորձեր ենք, բայց գործնական խնդրի մը հանդիպած ենք, Սփիւռքի մէջ այնքան շատ կառոյցներ կան, որ որեւէ կառավարութեան համար անհնար է բոլորի հետ խորհրդակցել: Հետեւաբար, մեր խնդիրն է ունենալ այնպիսի  կառոյց մը, որ կ'ունենայ  օրինականութիւն, որու հետ խօսելով կ'ըսենք, որ խորհրդակցեցանք Սփիւռքի հետ:

Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի առջեւ դրուած կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը ճիշդ այդ է՝ խորհրդակցիլ հնարաւորինս լայն շրջանակի հետ, ձեւաւորենք այդպիսի կառոյց մը, որ համակարգային նոր մակարդակի վրայ դնէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները»,-ըսած է ան: