ՀՀ Կառավարութիւնը մօտէն կը հետեւի Համաշխարհային տնտեսական վերջին զարգացումներուն

ՀՀ տնտեսութեան նախարարի մամուլի խօսնակ՝ Աննա Օհանեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը կատարէ նաւթի կտրուկ գնանկմամբ ու ռուսաստանեան ռուբլիի արժեզրկմամբ պայմանաւորուած իրավիճակի համակողմանի վերլուծութիւն, որպէսզի ճիշդ ազդակներ փոխանցէ հայաստանեան արտադրողներուն ու արտահանողներուն։
«Ռուսաստանի Դաշնութիւնը մեր հիմնական առեւտրային գործընկերներից է, եւ մեր պատրաստի արտադրանքի զգալի մասի արտահանման շուկան Եւրասիական տնտեսական միութիւնն է, մասնաւորապէս Ռուսաստանը։ Բնականաբար, այնտեղ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները չեն կարող շրջանցել մեր տնտեսութիւնը։ Այլ հաւասար պայմաններում ռուբլու արժեզրկումը այլ հիմնական արտարժոյթներու նկատմամբ կարող է ազդել հայաստանեան արտադրողներու մրցունակութեան վրայ», - նշեց Օհանեանը։
Հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական բանկը (դրամատունը) «Ազատութեան» փոխանցելով, որ «ուշադիր հետեւում է «Քորոնա» ժահրի պատճառով տեղի ունեցող համաշխարհային տնտեսական զարգացումներին, եւ այս պահի գնահատականների համաձայն ակնկալուում է, որ այդ ազդեցութիւնները թէ՛ համաշխարհային տնտեսութեան, եւ թէ՛ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ կը լինեն կարճաժամկէտ»։