ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայողները կանխած են հակառակորդի ներթափանցման փորձը

Այսօր, առաւօտեան ժամը 05.30-ի սահմաններուն, ՀՀ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ՝ ատրպէյճանական զինծառայողները ձեռնարկած են յարձակողական ներթափանցման փորձ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Դիրքապահ անձնակազմի գրագէտ գործողութիւններուն շնորհիւ՝ հակառակորդը, կորուստներ տալով, ետ շպրտուած է իր դիրք, ձգելով զինամթերք եւ ականորսիչ սարք: Հայկական կողմը կորուստներ չունի, գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք թեթեւօրէն վիրաւորուած է մէկ զինծառայող, դէպքին մանրամասները կը ճշտուին:
Գործողութիւններուն վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ տուեալ ներթափանցման համար, որ իրականացուած է համապատասխան պատրաստութիւն անցած անձնակազմի կողմէ, հակառակորդը իրականացուցած է նախապատրաստական լուրջ աշխատանքներ: Յատկանշական է, որ ականադաշտերուն մէջ անցումներ բանալու համար օգտագործուած է գերմանական արտադրութեան ականորսիչ: