ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան

Հայաաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան յայտարարութեան․
«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացող ընտրութիւններու վերաբերեալ հայ ժողովուրդի հանդէպ այդ երկրի թշնամական քաղաքականութեան հերթական արտայայտութիւնն է:
Հաւատարիմ ըլլալով միջազգային փաստաթուղթերու ընտրովի մեկնաբանութեան իր աւանդական դիրքորոշման՝ Թուրքիան մէկ կողմէ կը վկայակոչէ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը, միւս կողմէ՝ կ'անտեսէ վերջիններուս՝ անմիջականօրէն տարածաշրջանի երկիրներուն ուղղուած կոչը՝ ձեռնպահ մնալու ղարաբաղեան հակամարտութեան ծիրէն ներս որեւէ թշնամական գործողութիւններէ։ Մինչդեռ նոյն Թուրքիան տասնամեակներ ի վեր ցամաքային շրջափակման կ'ենթարկէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ կ'աջակցի Արցախի ժողովուրդի դէմ սանձազերծուող թշնամական եւ վայրագ գործողութիւններուն՝ այդ շարքին 2016 թ. ապրիլին:
Նոյնքան անհիմն է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) սկզբունքներու եւ Մինսքի գործընթացի վկայակոչումը: Կը յիշեցնենք, որ 1992թ. մարտի 24-ի ԵԱՀԿ/ԵԱՀԽ (Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան խորհրդաժողով) այն որոշումը, որով հիմք դրուած է Մինսքի գործընթացին, յղում կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրեալ ներկայացուցիչներուն` որպէս այդ գործընթացի մասնակից: Ընտրեալ ներկայացուցիչներ ունենալու համար պէտք է ունենալ ընտրութիւններ, եւ այդ տեսակէտէ Արցախի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները ոչ միայն չեն հակասեր, այլ կը բխին խաղաղ կարգաւորման տրամաբանութենէն եւ անոր հիմքը դրուած փաստաթուղթերէն:
Թուրքիոյ փորձերը հանդէս գալու միջազգային իրաւունքի պաշտպանի դերով եւ անոր կոչերը միջազգային համայնքին առաւել քան սնանկ են՝ այդ երկրի կողմէ ժողովուրդներու իրաւունքներու եւ հարեւան երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ շարունակական ոտնձգութիւններու եւ միջազգային իրաւունքի ու ժողովրդավարութեան նորմերը ոտնահարող թշնամական քաղաքականութեան իրականացման լոյսի ներքոյ»: