ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի շնորհաւորանքը Անկախութեան հռչակագրի 29-րդ տարեդարձի առթիւ

ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորած է ՀՀ քաղաքացիները Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագրի ընդունման օրուան կապակցութեամբ:
Այս առթիւ Միրզոյեան դիմատետրի իր էջին վրայ մասնաւորապէս գրած է ՝
«Սիրելի հայրենակիցներ, 29 տարի առաջ այս օրը ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը, տրամաբանական հանգրուանի հասցնելով եռամյա համազգային շարժումը, ազդարարեց անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը։ Շնորհաւորում եմ բոլորիս այս դարակազմիկ իրադարձութեան տարեդարձի առթիւ»: