Հետախուզում Երեւանի նախկին քաղաքապետ՝ Գագիկ Բեկլարեանի նկատմամբ

Երեւանի նախկին քաղաքապետ, ՀՀԿ (Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան) նախկին անդամ Գագիկ Բեկլարեանի նկատմամբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հետախուզում յայտարարած է, զինք մեղադրեալ ներգրաւելով Հայաստանին պատկանող առանձնապէս խոշոր չափերով, աւելի քան 230 միլիոն դրամ արժողութեամբ անշարժ գոյքը յափշտակելու համար։
Ըստ ԱԱԾ-ի, միեւնոյն ժամանակ դատարանը որոշած է կալանաւորել Բեկլարեանը։ Նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեան Հայաստան չէ։
Խօսքը մայրաքաղաքի Թամանեան փողոցի վրայ գտնուող մանկապարտէզի մասին է։ Ըստ ԱԱԾ-ի, 25 դեկտեմբեր, 2008-ին, երբ Բեկլարեանը գրաւած էր կեդրոնի թաղապետի պաշտօնը, ապահովուած է համայնքային ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն հանդիսացող մանկապարտէզի վերակազմակերպման եւ այլ մանկապարտէզի միացման գործընթացը։ Ապա 16 մարտ, 2009-ին, ստանձնելով Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը, յանցաւոր մտադրութիւնը աւարտին հասցնելու նպատակով, իր որոշումով փոփոխած է անոր աւելի քան 200 քառակուսի մեթր մակերեսով տարածքի գործառնական նշանակութիւնը եւ զայն ընդգրկած է ոչ բնակելի հատուածին մէջ, որպէս հասարակական սպասարկման տարածք։ Անկէ յետոյ, այդ անշարժ գոյքը ակնյայտ անհամարժէք հատուցմամբ, ընդամէնը աւելի քան 23 միլիոն դրամով փոխանցուած է, իսկ 2 փետրուար, 2011-ին առուվաճառքի պայմանագիրով 24 միլիոն դրամով գրանցուած է Բեկլարեանի հօր անունով, այնուհետեւ, կտակի ժառանգութեան իրաւունքի վկայագիրի համաձայն՝ վերագրանցուած է, որպէս Բեկլարեանի սեփականութիւն: