Հարցախոյզի մասնակցածներուն 85,1 տոկոսը կը վստահի վարչապետ Փաշինեանին

«GALLUP International Association»-ի իրականացուցած հարցումներու մասնակիցներու 46,6%-ը լիովին կը վստահի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, 38,5%-ն ալ նշած է, որ աւելի շատ կը վստահի:
Այս մասին 23 դեկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ Էմ Փի ՃԻ ՍՊԸ տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը:
«Քաղաքացիներէն խնդրած ենք գնահատել, թէ որքանով կը վստահին ներքոշարադրեալներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին լիովին կը վստահի հարցուածներու 46.6%-ը, աւելի շատ կը վստահի 38,5%-ը, իշխանութիւններուն լիովին կը վստահի 19,4%-ը, աւելի շատ կը վստահի 38,1%-ը, խորհրդարանական ընդդիմութեան լիովին կը վստահի 7%-ը, աւելի շատ կը վստահի` 21,7-ը, իսկ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան լիովին կը վստահի 5,2%-ն, իսկ աւելի շատ կը վստահի 13,6%-ը»,- ըսաած է Նաւասարդեանը:
Հարցումները ուղղուած են 9 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, իսկ հարցախոյզին մասնակցած են 1517 քաղաքացիներ: