Հանրաքուէի նախապատրաստման եւ կայացման աշխատանքները կը դադրեցուին․ ԿԸՅ

2020-03-17
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնան ընտրական յանձնաժողովը յայտարարութիւն տարածած է՝ յայտնելով, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի նախապատրաստման եւ կայացման նպատակով իրականացուող բոլոր աշխատանքները պիտի դադրեցուին գործընթացի բոլոր մասնակիցներու կողմէ։ «Արմէնբրես»-ը կը ներկայացնէ ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի յայտարարութիւնը․

«Հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 16.03.2020թ. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին» թիւ 298-Ն որոշումը եւ ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 208-րդ յօդուածով եւ «Հանրաքուէի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 6-րդ յօդուածի 1-ին մասով` Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի նախապատրաստման եւ կայացման նպատակով իրականացուող բոլոր աշխատանքները, գործընթացները եւ միջոցառումները պիտի դադրեցուին գործընթացի բոլոր մասնակիցներու կողմէ»: