Հանրապետութեան հրապարակի տակ գտնուող պատմական շերտը պիտի բացուի եւ վերածուի թանգարանի

2020-01-10
Image

Այս տարի պիտի սկսին Հին Երեւանի՝ Հանրապետութեան Հրապարակին տակ գտնուող պատմական շերտի բացման եւ զայն թանգարանային հատուածի վերածելու աշխատանքները: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Հանրապետութեան Հրապարակը՝ որպէս արդիւնք՝ պիտի դառնայ շատ աւելի տեսարժան վայր»,- գրած է վարչապետը:

Կրթութեան, գիտութեան, սփորթի եւ մշակոյթի նախարար Արայիկ Յարութիւնն ալ «Ֆէյսպուք»-ի էջին նշած է, որ հին քաղաքը վերականգնելու հնարաւորութիւնները կը քննարկէ մասնագէտներու հետ: