Հայ օդաչուներու սլացիկ թռիչքները ՝ Սու-30 կործանիչներով (Տեսանիւթ)

2020-05-05
Image

ՀՀ ԶՈւ օդաչուներու կատարմամբ Սու-30 կործանիչներու տպաւորիչ սլացքը «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրի ուղղութեամբ: Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին գրառում կատարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը եւ տեղադրած տեսանիւթեր այդ թռիչքէն։

Յիշեցնեմ, որ Շուշան Ստեփանեանը  NEWS.am-ին յայտնած էր, որ 9 մայիսին նախատեսուած տօնական միջոցառումները համավարակով պայմանաւորուած այս տարի տեղի պիտի չունենան:

«9 Մայիսի առաւօտեան ծաղիկներ պիտի խոնարհեն Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ, նաեւ տեղի պիտի ունենայ ռազմական օդանաւերու օդային շքերթ Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ` հայ եւ ռուս օդաչուներու մասնակցութեամբ: Այսօր ՍՈւ 30 օդանաւերը փորձնական թռիքչներ կատարած են Երեւանի երկինքը»,-ըսած է ան: