Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով հնչեցին եկեղեցական ղօղանջները եւ մարեցան փողոցի լոյսերը

Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած, 23 ապրիլին, ժամը 21.00 hնչեցին եկեղեցական զանգերու ղօղանջները, որոնց ներքոյ 3 վայրկեան մարեցան Երեւանի եւ մարզական կեդրոններու փողոցներուն լոյսերը:
Նշենք, որ Կառավարութիւնը նաեւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղած էր ժամը 21։00-էն սկսեալ՝ մարել իրենց բնակարաններուն լոյսերը եւ բջիջային հեռաձայններու լոյսերուն միջոցով պատուհանէն խորհրդանշել միասնական ներկայութիւն անմար կրակին շուրջ: