Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ

2019-10-25
Image

Յաջորդ շաբաթ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս քննարկման ու քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:  Այս մասին Թուիթըրի իր էջին գրառում կատարած է ԱՄՆ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնը:

«Յաջորդ շաբաթ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը պատմական քուէարկութիւն պիտի կատարէ՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ամերիկան պէտք է դէմ արտայայտուի մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններուն, յատկապէս, որ Թուրքիան կը սպառնայ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ նոր էթնիք բնաջնջման արշաւով»,-նշած է ան:

Ամերիկայի հայկական համագումարը կը տեղեկացնէ, որ բանաձեւի աջակիցներու թիւը կ'աւելնայ: «Ամերիկայի հայկական համագումարը բարձր կը գնահատէ ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներու ջանքերը եւ կ'ողջունէ H.Res.296 բանաձեւը Ներկայացուցիչներու պալատ բերելու որոշումը: Այս երկկուսակցական բանաձեւը կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի աննախադէպ մարդասիրական աջակցութիւնը՝ ուղղուած  20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն փրկուածներուն»,-ըսած է Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայան Արտունին:

Աւելի վաղ՝ քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը եւ Կուս Պիլիրաքիսը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւ ներկայացնելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին: Նախագիծը միտուած է Հայոց ցեղասպանության հերքումը մերժելուն, ԱՄՆ կառավարության կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանն ու յիշատակման, Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութեան բարձրացման կարեւորութեան  նմանատիպ յանցագործութիւնները յետագային կանխելու առումով:

«Մենք ուրախ ենք տեղեկացնել, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը պիտի ուղարկուի քուէարկութեան: Ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է 1915-1923 թուականներուն եւ, որու հետեւանքով սպանուած է 1.5 միլիոն հայ, ինչպէս նաեւ այլ էթնիք խումբեր, ազգի ներկայացուցիչներ, արձանագրուած է ամերիկացի դիւանագէտներու կողմէ»,-յայտարարած են ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամները:

Ամերիկեան լրատուամիջոցները, անդրադարձ կատարելով այս թեմային, հաւանական կը համարեն, որ յաջորդ շաբաթ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ դեմոկրատները պիտի վաւերացնեն բանաձեւը: