Հայկ Մարութեանը շնորհաւորած է «Էրեբունի Երեւան»-ի 2801-ամեակի առիթով

2019-10-19
Image

Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը շնորհաւորած է «Էրեբունի Երեւան»-ի 2801-ամեակի առիթով: 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Երեւանի քաղաքապետի ուղերձը. 

«Սիրելի երեւանցիներ, այսօր կ'ուզեմ հերթական անգամ սիրոյ խոստովանութիւն ընել մեր քաղաքին: Եւ քանի որ քաղաքը՝ առաջին հերթին իր բնակիչներն են, կ'ուզեմ խօսիլ երեւանցիներու մասին:
Մեր մէջ կայ այն կէսկատակ-կէսլուրջ բանավէճը, թէ ով է իսկական երեւանցին: Մէկը կ'ըսէ, թէ երեւանցի է ան, ով ծնած է քաղաքին մէջ, ան, որուն ծնողները կամ պապերը ծնած են այստեղ, կամ ան, ով կիսով չափ կամ մէկ քառորդով երեւանցի է եւ այլն: Իմ սերունդի մարդիկ կ'ըսեն, թէ երեւանցի չի կրնար համարուիլ ան, որ պատանի տարիքին Ձորին մէջ չէ լողացած կամ չէ կերած  Պոքսի թաղի կրպակի 11 կոպեկանոց պաղպաղակը, կամ՝ Երրորդ մասի «Սեւան» կինոթատրոնի մէջ հնդկական կինօ չէ նայած եւ այլն: Քիչ մը աւելի երիտասարդ սերունդի համար երեւանցի ըլլալու «վկայականը» քաղաքի վերջին թրամվայէն կախուած երթեւեկելու մասին յիշողութիւնն է կամ «Կրծած կուկուրուզի (կորեկ)» ֆոնին ունեցած լուսանկարը: Նոր սերունդի երեւանցիները, թերեւս, աւելի գործնական են. երեւանեան «մկրտութեան ծէսը» անոնց համար քաղաքացիական պայքարին մասնակցութիւնն է ու սեփական իրաւունքներուն տէր կանգնելու անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը:

Բայց ի վերջոյ, ո՞վ է իսկական երեւանցին: Իրականութեան մէջ, ամէն ինչ շատ պարզ է՝ երեւանցին ան է, ով կը սիրէ Երեւանը, կը սիրէ՝ հոգատար ծնողի ու պատասխանատու ընկերոջ նման:

Եւ ես կ'ուզեմ տօնական այս օրը ողջունել ու շնորհաւորել բոլոր երեւանցիները՝ անկախ անկէ, ծնած են անոնք այստեղ, թէ վերջերս տեղափոխուած են Երեւան: Կ'ուզեմ յա՛տկապէս ողջունել Երեւան եկած մեր սփիւռքահայ եղբայրները ու խնդրել անոնց՝ հնարաւորինս յաճախ ու երկար ուրախացնեն մեզ իրենց ներկայութեամբ: Կ'ողջունեմ նաեւ Երեւանի մէջ գտնուող օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, արտասահմանեան կազմակերպութիւններու աշխատակիցները, անգամ քանի մը օրով որպէս զբօսաշրջիկ եկած մեր հիւրերը:
Որովհետեւ ես վստահ եմ՝ ով քանի մը օր ապրած է Երեւանի մէջ, նոյնիսկ քանի մը ժամով վայելած է Երեւանի արեւը, ընդմիշտ պիտի պահէ Երեւանը իր սրտին մէջ, հետեւաբար՝ պիտի դառնայ մեր ընկերն ու բարեկամը:

Շնորհաւո՜ր, երեւանցիներ, շնորհաւո՛ր մեր յաւերժական քաղաքի տօնը»: