Հայկական զօրախումբը մեկնեցաւ Մոսկուա. Այն պիտի մասնակցի սպասուած զօրահանդէսին

Հայաստանի Զինուած ուժերու 75 հոգինոց զօրախումբը մեկնած է Մոսկուա՝ մասնակցելու Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած կայանալիք զօրահանդէսին։
Մոսկուայի մէջ զինծառայողները այժմ ներգրաւուած են համատեղ մարզումներուն եւ նախապատրաստական միջոցառումներուն, կը հաղորդեն պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Զօրահանդէսը Կարմիր հրապարակի վրայ պիտի կայանայ 24 յունիսին՝ 9 մայիսին փոխարէն: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հաստատած է, որ ներկայ պիտի գտնուի զօրահանդէսին: